Թրքական իսլամիստական շարժումը տեղ չունի Ֆրանսայի մէջ

Թրքական իսլամիստական Milli Görüş շարժումը (Ազգային տեսակէտ) կը հակասէ ֆրանսական արժէքներուն եւ տեղ չունի Ֆրանսայի մէջ, BFM TV-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Կապրիէլ Աթալը:
«Ես կը կարծեմ, որ այս կազմակերպութիւնը, որ կը հակասէ (Ֆրանսական) Հանրապետութեան արժէքներուն, որ կը պայքարի Հանրապետութեան արժէքներու դէմ, կանանց եւ տղամարդոց հաւասարութեան դէմ, դէմ է մարդկային արժանապատուութեան»,- ըսած է Կապրիէլ Աթալը: «Ակնյայտ է, որ այն պէտք չէ գործունէութիւն իրականացնէ եւ գոյութիւն ունենայ հանրապետութեան մէջ»,- աւելցուցած է ան:
Milli Görüş-ը հիմնադրած են Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Նաճմ ալ-Տին Էրպաքանի կողմնակիցները, այն գաղափարապէս մօտ է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան:
Կը հաղորդուի, որ այն ամբողջ Եւրոպայի մէջ ունի մինչեւ 300 000 անդամ, որ անոր կը դարձնէ թրքական սփիւռքի ամենամեծ կազմակերպութիւններէն մէկը:
Անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ դէմ է քաղաքին մէջ մզկիթի կառուցման համար Միլի Կէորխէին 2,5 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհ տրամադրելու Սթրազպուրլի իշխանութիւններու որոշման:
Ֆրանսայի ՆԳ նախարար Ժերալտ Տարմանինի խօսքով՝ կազմակերպութիւնը հրաժարած է ստորագրել կառավարական նոր կանոնադրութիւնը, որ նպատակ ունի հակազդելու կրօնական ծայրայեղականութեան, ուստի անոր պէտք չէ ֆինանսաւորում յատկացուէր: