Ժամկէտային զինուոր զոհուած է

2021-05-25
Image

24 Մայիսին, ժամը 17:40-ի սահմաններուն, ըստ նախնական տուեալներու, զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման հետեւանքով արձակուած կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային Մկրտիչ Յովհաննէսի Յովհաննիսեանը /ծնած 2002թ., 2021/1 զօրակոչ, ՊՆ ԶԶՀԾ Շիրակի ՏՍ/: Այս մասին կը տեղեկացնեն Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Կը կատարուի քննութիւն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Մկրտիչ Յովհաննիսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: