Ի՞նչ կ'ուզէ Ատրպէյճանը Հայաստանէն. «Հայկական Ժամանակ»ը 5 կէտ ներկայացուցած է

2022-10-04
Image

Իշխանական «Հայկական ժամանակ» պարբերականը հրապարակած է  նիւթ մը, ուր մասնաւորապէս կը նշուէ այն  պահանջները, որ Ատրպէյճան  ներկայացուցած է Հայաստանին։ 

Հրապարակման մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուէր՝ «Միջազգային եւ տարածաշրջանի լարուածութեան պայմաններուն  յաճախ իսկապէս դժուար է գոյքագրել Հայաստանէն Ատրպէյճանի յստակ պահանջները: Բայց եթէ երթանք գոյքագրման ճանապարհով կրնանք ըսել, որ Ատրպէյճանը Հայաստանէն ունի 5 հիմնական պահանջ: Անոնք հետեւեալն են:

1. ԼՂ պաշտպանութեան բանակի լուծարում:

2. ԼՂ ճանաչում Ատրպէյճանի կազմէն ներս, առանց որեւէ` նոյնիսկ ինքնավար կարգավիճակի: Այսինքն՝ 0 կարգավիճակով:

3. Միջանցք Հայաստանի տարածքով:

4. Սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթաց 1919, 1920 թուականի քարտէզներով (առայժմ յայտնի չէ, թէ ճիշդ ո՞ր քարտէզներու մասին է խօսքը):

5. Անհետ կորած ատրպէյճանցիներու ճակատագրի պարզաբանում, հնարաւոր է յետագային Հայաստանը պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրելու միտումով:

Պէտք է հաշուի առնել, որ վերը նշուած հարցերը թուարկուած են ըստ սադրիչ գործողութիւններու հնարաւորութեան, թէ որքանով անոնք կրնան Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուիլ Հայաստանի դէմ նոր ռազմական սադրանքներ կազմակերպելու համար:

Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է հասցէագրել այս հարցերը: Հասցէագրել՝ տուեալ պարագային կը նշանակէ կամ բաւարարել պահանջները, կամ գտնել փոխզիջում, կամ Ատրպէյճանը ստիպել/համոզել հրաժարիլ այդ պահանջներէն: Կամ՝ գտնել այլ տարբերակ: Այս հրապարակումը կարելի է համարել նաեւ պատասխան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն պնդման, թէ իրենք չունին ամբողջական տեղեկատւութիւն բանակցային գործընթացներուն մասին: Յաջորդիւ կ'անդրադառնանք հարցին, թէ ինչ կ'ուզէ Ռուսիան, ԱՄՆ-ը, Իրանը, ԵՄ-ը: