Իմ հարթակի տեսանկիւնէն նման հարց չէ քննարկուած․Մհեր Գրիգորեանը՝ գերիներու վերադարձի դիմաց Ատրպէյճանի նախապայմաններու մասին

Ռուսաստանի կողմէ կայ պատրաստակամութիւն եւ ամենաբարձր մակարդակով եղած է բազմաթիւ փորձեր խնդիրը լուծելու համար։ Այս մասին ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ որքանով իրեն կը բաւարարեն Ռուսաստանի գործողութիւնները ուղղուած 9 նոյեմբերի պայմանագրի ութերորդ կէտի կատարման։
«Եկէք ֆիքսենք, որ նման հանգամանք կայ, ինչի համար շնորհակալ լինենք նաեւ։ Հարցի բարդութեան աստիճանը դուք էլ լաւ հասկանում էք։ Կողմերն անում են ամէն ինչ, որպէսզի հարցը լուծուի»,-ըսած է փոխվարչապետը։
Հարցին, թէ արդեօք Ատրպէյճանը նախապայմաններ կը դնէ գերիներու վերադարձի դիմաց, փոխվարչապետը պատասխանած է․ «Իմ հարթակի տեսանկիւնից նման հարց չի քննարկուել»։
Հարցին, թէ Մհեր Գրիգորեանը ստացած է իշխանութեան կողմէ նախընտրական ցուցակին մէջ առաջադրուելու առաջարկ, փոխվարչապետը պատասխանած է․ «Ես կուսակցական չեմ։ Այս պահին նման հարց չկայ»։