Իմ օրակարգի վրայ կայունութեան ապահովումն է, այլ հարց չկայ. Փաշինեանը` հրաժարականի պահանջի մասին

Երէկուայ իմ գրառման հետ կապուած շարք մը արձագանգներ ի ցոյց դրուեցան, թէ ինչպէս յատկապէս լարուածութեան այս շրջանին մանիփուլատիթւ մեքենականութիւններ կը գործէ, առցանց ասուլիսի ընթացքին այսօր յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Ան ըսած է, թէ 9 նոյեմբերէն ետք առաջնագիծէն տարբեր տեսանիւթեր կը հրապարակուին, ուր տղաները գնահատականներ ու վերլուծութիւններ կը հնչեցնեն։
«Ես գրառման մէջ նշած եմ, թէ ապշած եմ տղաներու խորագիտութենէն։ Տղաքը ճիշդ են. այսինքն, կը նշանակէ, որ իրենց շատ մեկնաբանութիւններու հետ ես համաձայն եմ։ «Կը սՍասեմ ձեզի Երեւանի մէջ» նախադասութիւնը, որ շատերուն հիմք տուած է ըսելու, թէ այստեղ քաղաքացիական պատերազմի եւ բախումներու կոչ կայ։ Յայտնի իրադարձութիւններէն ետք համացանցի մէջ կ'երեւայ, որ այդ զինուորներէն շատերը կը զօրացրուին եւ կը վերադառնան իրենց ընտանիքներ։ Անոնցմէ շատերը ինծի ուղերձ կը յղեն, որ կ'ուզեն հանդիպիլ։ Ես հարկ կը համարեմ այսպէս հրապարակային արձագանգել, որ ես իրենց հետ հանդիպումը կը կազմակերպեմ եւ հարցեր կը քննարկենք»,- ըսած է վարչապետը։
Ան մեկնաբանած է նաեւ հետեւեալ նախադասութիւնը՝ «Վերջնականօրէն լուծելու պատերու տակ վնգստացողներու հարցերը»։
«Ի հարկէ, այստեղ բաւական կոշտ ձեւակերպում է, բայց հաշուի առնելով, որ երէկ իմացանք, որ այս արտայայտութիւնը նաեւ պաշտօնական մարմիններ կ'օգտագործեն իրենց յայտարարութիւններուն մէջ, այո, ես օգտագործած եմ այդ ձեւակերպումը։ Սա կը նշանակէ, որ առաջնագիծի զինուորներուն վերադարձէն ետք եւ անոնց հետ խօսակցութեան ընթացքին վերջնականօրէն կը մարին բոլոր այն խօսակցութիւնները, թէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ինչ-որ դաւադրութիւններու մէջ ներքաշուած եղած է», - մանրամասնած է Փաշինեանը:
Վարչապետը հարց հնչեցուցած է՝ ո՞վ, եթէ ոչ առաջնագիծ գտնուած զինուորը գիտէ այդ հարցի պատասխանը.
«Կը խօսուի բախման մասին, առաջնագիծէն ոչ մէկը զինուած չի վերադառնար։ Հիմա իրավիճակը այնպիսին է, որ խօսքը կրնան մեկնաբանել տասնեակ ձեւերով։ Ի հարկէ, մտահոգիչ է, որ առաջնագիծէն հնչող տեսանիւթերու մէջ շատ կոշտ բառապաշար կ'օգտագործուի»։
Վարչապետը քաղաքական ուժերը մեղադրեց 9 նոյեմբերի՝ լոյս 10-ի գիշերը տեղի ունեցած բռնութիւնները չդատապարտելու համար։
«Դատապարտման խօսքեր հնչեցին առաջնագիծ գտնուող զինուորներու կողմէ։ Մենք պէտք է բացառենք ատելութեան խօսքը»,-ըսա է վարչապետը։
Հայկական կողմի համար Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը նոր սրութեամբ եւ նոր կարեւորութեամբ պէտք է դրուի բանակցային գործընթացի հիմքը, -ըսաւ Փաշինեան անդրադառնալով հարցին, թէ ո՞րն է բանակցութիւններուն մէջ իր սեփական կէտը:
«Պէտք է վերլուծենք եւ ձեւակերպենք այն օրակարգը, որ այսօր մենք ունինք այսօրուայ իրավիճակի շուրջ, եւ պէտք է սպասարկենք այդ օրակարգը՝ մասնաւորապէս կեդրոնանալով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի վրայ: Ամենակարեւոր խնդիրն այն է, որ ԼՂ ժողովուրդը պէտք է ապրի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը մեզի համար նոր սրութեամբ եւ նոր կարեւորութեամբ պէտք է դրուի բանակցային գործընթացի հիմքը»,-ըսած է Փաշինեանն ու աւելցուցած՝ ինչպէս նաեւ մարդասիրական, հաղորդակցային հարցերը, փոխադրային եւ այլ հարցերը:
Արցախի վերջին իրադարձութիւններու հետ կապուած ՀՀ վարչապետը պատասխանատւութիւնը կը համարէ իրը, սակայն այն լիարժէք կրելու համար կը կարեւորէ հանրութեան համար բոլոր հանգամանքներու պարզաբանումը: «Որեւէ կասկած չկայ, ես եմ այն թիւ մէկ պաշտօնեան, որ տեղի ունեցածի համար կը կրէ պատասխանատւութիւն: Հաշիւ կու տամ, որ այս փաստի բերումով, թերեւս սուր է ձեւակերպումը, բայց կը կանգնիմ մեր ժողովուրդի դատի առաջ, սակայն տուեալ պարագային ժողովուրդը պէտք է կարողանայ եզրայանգումներու գալ, պէտք է տիրապետէ գործի բոլոր հանգամանքներուն: Նոյն զինուորներուն, ընդդիմութեան, կառավարութեան լսելը այդ գործընթացի անբաժանելի մասն է: Կարեւոր կը համարեմ այն, որ հասկնալի ըլլայ, թէ ինչ տեղի ունեցած է»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական տալու հարց իր օրակարգին վրայ չունի:
«Իմ օրակարգին մէջ կը մտնէ հանրութեան մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելը: Ուրիշ հարց իմ օրակարգին մէջ այսօր չկայ»,- ըսած է Փաշինեանը` պատասխանելով իր հրաժարականը պահանջող խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու վերաբերեալ հարցին: