Ինչո՞ւ համար է այս պատերազմը, կրնայի՞նք խուսափիլ այս պատերազմէն. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին պատասխանած է քանի մը հարցերու, որոնք այս օրերուն շատ կը յուզեն քաղաքացիները: Խօսքը Արցախեան պատերազմի մասին է: Վարչապետը գրած է.
«1. Ինչո՞ւ համար է այս պատերազմը. Ղարաբաղի կարգավիճակի:
2. Կրնայի՞նք խուսափիլ այս պատերազմէն. այո, եթէ յանձնէինք տարածքները եւ համաձայնէինք Ղարաբաղի անորոշ կարգավիճակին, անորոշ ժամանակով, յետագայ կարգավիճակի ճշգրտման մեքխանիզմի բացակայութեան պայմաններուն մէջ:
3. Կրնայի՞նք Ղարաբաղի ընդունելի կամ որեւէ կարգավիճակի հասնիլ բանակցային ճանապարհով. ոչ, որովհետեւ ատոր վերջին հնարաւորութիւնը սպառած էր 2011 թուականին, Կազանի մէջ:
4. Կրնա՞նք արդեօք կանգնեցնել այս պատերազմը. տեսականօրէն այո` 2-րդ կէտին մէջ նշուած տարբերակի թերեւս քիչ մը աւելի վատթար բանաձեւով:
5. Կրնա՞յ արդեօք պատերազմը լուծել Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը. Այո, եթէ յաջողութիւններ արձանագրենք պատերազմի ընթացքին:
6. Կրնա՞նք արդեօք յաջողութիւններ արձանագրել պատերազմի մէջ. այո, եթէ այդ նպատակին շուրջ կեդրոնացնենք ազգային ներուժը եւ անկեղծօրէն ու անձնազոհ կերպով բոլորս լծուինք այդ նպատակին»: