Ինչ թիւերով պիտի ներկայացուին քաղաքական ուժերը նորակազմ Ազգային Ժողովին մէջ

2021-06-28
Image

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը Ազգային Ժողովին մէջ պիտի ստանայ 71, «Հայաստան» դաշինքը՝ 29, «Պատիւ ունեմ»-ը՝ 7 մանտաթ, յայտարարած է ԿԸՅ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը։

Ան յայտնած է, որ ազգային փոքրամասնութիւնները մանտաթ պիտի ստանան հետեւեալ կերպ․ եզիտի, ռուս եւ քիւրտ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր», ասորի՝ «Հայաստան» դաշինք։

Որոշումը ընդունուած է միաձայն։

Յիշեցնենք, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է ՀՀ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու արձանագրութիւնը:  Այդ արդիւնքներուն համաձայն.

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ընտրողներու 53,91 տոկոս ձայները, «Հայաստան» դաշինքը՝ 21,09 տոկոսը, իսկ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 5,22 տոկոսը։