Իշխան Սաղաթէլեանն ընտրուած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ

2021-08-06
Image

«Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Իշխան Սաղաթէլեանը երրորդ քուէարկութենէն ետք ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ։

Քուէարկութեան մասնակցած է 103 պատգամաւոր։ Սաղաթէլեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկած է 64 պատգամաւոր, դէմ՝ 37. անվաւեր ճանչցուած է 2 քուէաթերթիկ։

Երկրորդ քուէարկութեան մասնակցած էր 103 պատգամաւոր։ Սաղաթէլեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկած էր 49 պատգամաւոր, դէմ՝ 49. անվաւեր ճանչցուած էր 5 քուէաթերթիկ։

Առաջին քուէարկութեան ժամանակ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Նազելի Պաղտասարեանը յայտարարած էր, որ իրենց խմբակցութիւնը պիտի մասնակցի Ազգային ժողովի փոխխօսնակի ընտրութեան՝ ապահովելով անհրաժեշտ նուազագոյն ձայներու քանակը, որ Իշխան Սաղաթէլեանն ընտրուի։

Քուէարկութեան մասնակցած էր 104 պատգամաւոր, մէկ քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուած էր։ Սաղաթէլեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկած էր 53 պատգամաւոր, դէմ՝ 50-ը:

ՔՊ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը յայտարարած էր, թէ ընդդիմութենէն նաեւ պատգամաւորներ եղած են, որ դէմ քուէարկած են կամ անվաւեր ճանչցուած է քուէաթերթիկը։

«Հայաստան» խմբակցութեան երեք պատգամաւոր չէին մասնակցած քուէարկութեան. Մխիթար Զաքարեանն ու Արթուր Սարգսեանը կալանաւորուած են, իսկ Դաւիթ Սեդրակեանը, ըստ խմբակցութեան, յարգելի պատճառով կը բացակայէր։

Օրեր առաջ Ազգային ժողովն ընտրած է փոխնախագահի միւս երկու թեկնածուները՝ ՔՊ-ական Ռուբէն Ռուբինեանը ու Յակոբ Արշակեանը։