Իջեւանի եւ Շամշատինի մէջ հակառակորդի ուժերու տեղաշարժի մասին լուրերը անհիմն են. ՀՀ ՊՆ

2021-03-08
Image

Ընկերային ցանցերու եւ տարբեր ԶԼՄ-ներով կը շարունակուին ապատեղեկատուութիւնները` ՀՀ սահմաններուն լարուածութեան, կրակոցներու, հակառակորդի Զինուած ուժերու մեծ կուտակումներու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Մասնաւորապէս, տեղեկութիւններ են շրջանառուում, թէ իբր «Իջեւանի ու Շամշատինի ճակատային հատուածում թուրք-ատրպէյճանական ծանր հրետանիի կուտակումներ են, Տաւուշի 3-րդ բանակային ջոկատում յայտարարուած է տագնապ» եւ այլն:

Նշուած տեղեկութիւնները չեն համապատասխանում իրականութեանը: Համոզիչ կերպով յորդորում ենք զերծ մնալ ակնյայտ ապատեղեկատուութիւն տարածելուց»,- ըսուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ։