Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանին մեղադրանք առաջադրուած է փողերու լուացման, չարաշահումներու օժանդակելու համար. ՔԿ

Պարզուած են Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան Ա. Ս.-ի կողմէ ՀՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախկին նախարարի կողմէ թոյլ տրուած չարաշահումներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ փողերու լուացմամբ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքն օրինականացնելու դէպքի շարք մը հանգամանքներ:
Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն՝ մանրամասնելով, որ «Արտասահմանեան երկրների հետ մշակութային համագործակցութեան հայկական» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ա. Ս.-ն օժանդակած է ՀՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախկին նախարար եւ վերոնշեալ հասարակական կազմակերպութեան փոխնախագահ Հ. Պ.-ի կողմէ ապօրինութիւններու կատարման: Մասնաւորապէս՝ պատմամշակութային արժէք հանդիսացող շէնքը եւ անոր զբաղցուցած հողամասը ձեւական գործարքի հետեւանքով 550.000 ԱՄՆ տոլարով վաճառած են օֆշորի մէջ՝ Բրիտանական Վիրճինեան կղզիներուն մէջ գրանցուած, Հ. Պ.-ի հարսին պատկանող ընկերութեան՝ օրինականացնելով յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը:
Նշենք, որ Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան, վերոնշեալ Ա. Ս.-ն Արմէն Սմբատեանն է:
Յիշեցնենք՝ Քննչական կոմիտէն աւելի վաղ յայտնած էր, որ ՀՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախկին նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է՝ ծանր հետեւանքներ առաջացնող գործով պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ փողերու լուացման համար։ Անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում։