Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագծին «ծայրայեղ լարուած է»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեան յայտնած է, որ 15:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագծին ծայրայեղ լարուած է:
«13:00-ից սկսած՝ Սոթքից մինչեւ Գորիս ընկած ամբողջ սահմանագծով թշնամին վերսկսել է ինտենսիւ (բուռն) հրթիռահրետանային հարուածները՝ թիրախաւորելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը եւ լայնօրէն կիրառելով հարուածային ԱԹՍ-ներ:
Հարուածներ են հասցուել նաեւ մարտական գործողութիւնների գօտում հումանիտար (մարդասիրական) առաքելութիւն իրականացնող ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տրանսպորտային (փոխադրային) միջոցներին: Սա հերթական վկայութիւնն է, որ չնայած պաշտօնական Պաքուի յայտարարութիւններին՝ ատրպէյճանական զինուժը տարբերութիւն չի դնում թիրախների միջեւ։
Հրթիռահրետանային հարուածներին զուգահեռ՝ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները վերսկսել են նաեւ դիրքային առաջխաղացման փորձերը»,-ըսած է Արամ Թորոսեան:
Նշենք, որ ՊՆ-ի այսօր առւօտեան հաղորդագրութեան մէջ նշուա էր, որ Սեպտեմբեր 13-ի լոյս 14-ի գիշերը իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին կը շարունակէ լարուած մնալ։ Մասնաւորապէս՝ Ջերմուկի ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Նախորդ օրուայ սանձազերծած յարձակման մնացած ուղղութիւններով հակառակ որ էական միջադէպեր չեն արձանագրուած, սակայն այսօր ժամը 08։00-էն սկսած հակառակորդը, կիրառելով հրետանային միջոցներ, ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, կրկին սկսած է նախայարձակ գործողութիւններ, մասնաւորապէս, Վերին Շորժայի եւ Ջերմուկի ուղղութիւններով։
ՀՀ ԶՈւ-ն կը ձեռնարկէ համարժէք պատասխան գործողութիւններ՝ շարունակելով լիարժէք կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրները։
Փաստացի, հակառակ ստեղծուած իրավիճակի շուրջ միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգին, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի հանդէպ յարձակողական գործողութիւնները՝ հրետակոծելով ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ստեղծուած իրադրութեան եւ ատոր հետագայ զարգացումներու ողջ պատասխանատւութիւնը կ'իյնայ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ։