Իրավիճակի լուծումը պէտք է արտայայտուի ատրպէյճանական զօրքերու՝ նախկին դիրքեր ետ վերադարձով. խօսած են Փաշինեանն ու Փութինը

2021-05-14
Image

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Նիկոլ Փաշինեանը ՌԴ նախագահին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի անկախ տարածք՝ Սիւնիքի մարզ ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի մասին:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը նախագահ Փութինին տեղեկացուցած է նաեւ, որ ինք այսօր յանձնարարած է պաշտօնապէս դիմել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի ընթացակագրերու 2-րդ յօդուածին համապատասխան խորհրդակցութիւններ սկսելու համար:

Վլատիմիր Փութինն անթոյլատրելի համարած է հետագայ սրացումը եւ յոյս յայտնած է իրավիճակի արագ կայունացման ու 9 նոյեմբերի 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման վերաբերեալ: Ռուսական կողմը վերահաստատած է աշխոյժ միջնորդական ջանքերը շարունակելու իր տրամադրվածութիւնը` տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ապահովելու նպատակով:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ այս իրավիճակի լուծումը պէտք է արտայայտուի ատրպէյճանական զօրքերու՝ նախկին դիրքեր ետ վերադարձով: