Ի յայտ եկած են քարտէզներու տարընթերցումներ. 5 կէտի մէջ ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100-300 մեթր առաջ տեղակայուած է. ԱԱԾ

2023-03-31
Image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2022-ի օգոստոսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն,2023-ի ապրիլ 1-էն Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը պէտք է աւարտի Կոռնիձորի կամուրջին: ՀՀ տարածքը Լաչինի միջանցքին կապող երթուղին ապրիլ 1-էն պիտի անցնի Կոռնիձոր-Տեղ երթուղիով՝ միայն Հայաստանի տարածքով: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Օգոստոսէն ետք Լաչինի միջանցքը Հայաստանին կապող ճամբու մէկ հատուածը՝ Կոռնիձորի կամուրջէն ետք դարձեալ կ՛անցնի Ատրպէյճանի տարածքով: Ճամբու այդ հատուածը իր ամբողջ երկայնքով եւ իր յարակից տարածքով կը վերահսկուի Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն կողմէ, կը հաղորդէ ԱԱԾն՝ դարձեալ յղում կատարելով Օգոստոսի պայմանաւորուածութիւններուն:

Համաձայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախօրէին ձեռբերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ երկու երկիրներու սահմանապահները մարտի վերջին օրերուն վերոհիշեալ հատուածի երկայնքով պէտք է տեղակայուէին սահմանի երկու կողմերուն:

Տեղակայման ընթացքին, ըստ հայկական Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ի յայտ եկած են քարտէզներու տարընթերցումներ: «Որոշ տեղերում ադրբեջանական կողմը, չսպասելով նախապէս պայմանաւորուած ճշգրտումներին, սկսել է դիրքաւորուել եւ իրականացրել ինժեներական (ճարտարագիտական) աշխատանքներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) աւելցուցած է, որ հայկական կողմին հաշիւներով, կան այդպիսի հինգ կէտեր, ուր ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100էն 300 մեթր աւելի առջեւ տեղակայուած է: 

«Այժմ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել, որ երկու կողմերի քարտէզագիրները ճշգրտեն իրավիճակը: Հայկական կողմն իրավիճակին մօտենում է էսկալացիա (մագլցում) թոյլ չտալու տրամաբանութեամբ: Խնդրոյ առարկայ հատուածում Հայաստանի բանակը դիրքեր չի ունեցել, որովհետեւ դիրքեր տեղակայւում են ոչ թէ սահմանի գծին, այլ մօտակայ ռազմավարական բարձունքների վրայ: Իսկ սահմանի այդ հատուածի պահպանութիւնը պէտք է անցնէր սահմանապահ զօրքերին՝ համաձայն վերը յիշատակուած պայմանաւորուածութեան», նշած է ծառայութիւնը: