Լարուածութիւն Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ՝ Գորիս-Կապան ճանապարհին իրանական բեռնատարներու ստուգումներուն պատճառով

Որոտանի մօտ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Էյվազլի բնակավայրի հատուածը ատրպէյճանական ոստիկանութեան կողմէ իրանական համարանիշներով բեռնատարներու վարորդներու ու բեռներու ստուգումներու շուրջ Պաքուն եւ Թեհրանը բարձր մակարդակի քննարկումներ կը վարեն։ Երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան պատճառ դարձած հարցը նախօրէին քննարկած են Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարն ու այդ երկրի մօտ Իրանի դեսպանը։
Ինչպէս կը յայտնէ պաշտօնական Պաքուն, իրանցի դեսպան՝ Սեյետ Ապաս Մուսաուին Հիքմեթ Հաճիեւի հետ հանդիպման ընթացքին արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած է «երկկողմանի օրակարգի հարցերու շուրջ եւ քննարկած զանոնք յաղթահարման ուղիները»։ Հաճիեւը այդ մասին իր թուիթըրեան գրառման մէջ, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ յատկապէս որոնք են այդ հարցերը եւ անոնց լուծման ճանապարհները։
Իրանցի դիւանագէտը իր հերթին ակնարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութեան մասին՝ նոյնպէս նախընտրելով փակագիծեր չբանալ:
«Քննարկուած են ընդհանուր մտահոգութիւն յարուցող հարցերը», - Թուիթըրով տեղեկացուցած է Սեյետ Ապաս Մուսաուին, որ վերջերս հրաւիրուած էր Ատրպէյճանի ԱԳՆ՝ լսելու Պաքուի բողոքը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ իրանական բեռնատարներու բեռնափոխադրումներու առնչութեամբ։
Պաշտօնական Երեւանն ու Պաքուն հաստատած են, որ Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի մէկ հատուածին մէջ Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը ստուգումներ կը կատարէ։ Հայկական կողմը տեղեկացուցած է, որ «Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնն ստուգում է իրանական պետական համարանիշներով բեռնատարների վարորդների ու բեռի փաստաթղթերը»։
Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, թէ իր հարկային օրէնսգրքով՝ երկիր մուտք գործող ու դուրս ելլող փոխադրային միջոցները հարկ պէտք է վճարեն, մասնաւորապէս՝ ճանապարհային եւ Ատրպէյճանի տարածքով միջազգային փոխադրումներ կատարելու համար։
44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի 21-քիլոմեթրանոց հատուածի որոշ հատուածներ, ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, վիճարկելի են, եւ այդ էր պատճառը, որ տարածքին մէջ անցեալ տարեվերջէն ռուս սահմանապահներ տեղակայուած են ։
Ալիեւի վարչակազմը նաեւ ռուսական կողմին դիմած է՝ Ղարաբաղ «փոխադրումներու անօրինական անցումը» կանխելու համար։ Մոսկուան առայժմ չէ արձագանքած։