Լարուած վիճակ` ԱԺ-ի մէջ. զինուորական համազգեստով աշխատակիցները մուտք գործեցին նիստերու դահլիճ

Ազգային ժողովի նիստի ուղիղ եթերը խօսնակ Ալեն Սիմոնեանի կարգադրութեամբ ընդհատուեցաւ, երբ ան նիստերու դահլիճ հրաւիրեց ԱԺ անվտագնութեան աշխատակիցները։ Պատճառը «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներու հետ անոր վէճն էր։
«Պատիւ ունեմ» դաշինքի պատգամաւոր Աննա Մկրտչեանին դահլիճէն դուրս հրաւիրուելէ ետք ընդդիմութեան ներկայացուցիչները սկսան դժգոհիլ այդ որոշումէն։ Այսօր խօսնակ Ալեն Սիմոնեանը անոր դուրս հրաւիրած էր ԱԺ նիստերու դահլիճէն «կապիտուլիանտ Նիկոլ» արտայայտութիւնն ընելու համար։
Փոխխօսնակ, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը ելոյթ ունեցաւ, որուն մէջ նշեց, որ Ալեն Սիմոնեանը չարաշահած է իր լիազօրութիւնները՝ Աննա Մկրտչեանը դուրս հանելով։
Անկէ ետք Սիմոնեանը նախազգուշացում տուաւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանին ու Ագնես Խամոյեանին՝ տեղէն խօսելու համար։
«Չես կարա», արձագանգեց Ռուստամեանը, Սիմոնեանն ալ ըսաւ՝ կարամ, որմէ ետք դաշինքի պատգամաւոր Աննա Գրիգորեանը ոտքի ելաւ ու դուրս եկաւ դահլիճէն, անոր փորձեցին հետեւիլ քանի մը ընդդիմադիրներ եւս, զուգահեռաբար ՔՊ որոշ ներկայացուցիչներ սկսան բուռն արձագանգել ամէն ինչին։
Այս բոլրոէն ետք տեսնելով որ իրավիճակը պայթիւնավտանգ է ու Նարեկը «չի հանգստանար»` Սիմոնեանը ներս հրաւիրեց ԱԺ անվտանգութեան աշխատակիցները ու կարգադրեց անջատել եթերը։