Լաւրովի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ՀՀ ԱԳ նախարարը տեղեկացուցած է պետական սահմանի միջադէպի մասին

2021-05-12
Image

12 մայիսին, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ՌԴ ԱԳ նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ նախարարի պաշտօնակատար՝ Այվազեան իր գործընկերոջը տեղեկացուցած է Հայաստանի պետական սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպի մասին եւ նշած է ատրպէյճանական կողմէն նման սադրանքներու հրահրման անթոյլատրելիութիւնը:

Երկուստեք կարեւորած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան շուրջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք կատարումը եւ իրադրութեան սրումը կանխարգիլող քայլերու համադրումը: