Լաւրով Երեւան պիտի ժամանէ

2022-11-18
Image

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նոյեմբեր 22-23-ին պիտի այցելէ Երեւան՝ մասնակցելու ՀԱՊԿ միջոցառումներուն։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ մամուլի նաժնի ղեկավարի տեղակալ Իվան Նեչաեւը։

Անոր խօսքով՝ նախարարը պիտի մասնակցի ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի, ՀԱՊԿ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի համատեղ նիստին։  

Առաջիկայ հանդիպումներու ընթացքին կը նախատեսուի միտքերու փոխանակում ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան տարածաշրջաններուն մէջ ռազմաքաղաքական իրադրութեան եւ միջանկեալ շրջանին կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Նիստի մասնակիցները պիտի քննարկեն կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս արտաքին քաղաքական, ռազմական, հակաահաբեկչական համագործակցութեան վերաբերող որոշումներու փաթեթը։

Նեչաեւ նշած է, որ կը նախատեսուի հաւանութիւն տալ շարք մը փաստաթուղթերու, ներառեալ՝ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հաստատման ներկայացուող ամփոփիչ հռչակագրին: