Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին մէկ օրուան մէջ մաքրուած է 15 հեքթար տարածք, 3 քմ ճանապարհ. ՌԴ ՊՆ

2021-03-26
Image

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առաջադրանքներու կատարումը. խաղաղապահները հրադադարի ռեժիմի պահպանում եւ իրավիճակի շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ'իրականացնեն 27 դիտակէտերու վրայ:

Ինչպէս ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ, հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով: Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչները կ'ապահովեն քաղաքացիներու անվտանգ տեղաշարժը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգումը:

Մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի ականազերծման ուղղութեամբ: Վերջին մէկ օրուան մէջ մաքրուած է 15 հեքթար տարածք, 3 քմ ճանապարհ, յայտանաբերուած է 5 պայթիւնավտանգ առարկայ, ստուգուած 7 շինութիւն:

2020 թուականի 23 նոյեմբերէն ի վեր չպայթած զինամթերքէն մաքրուած է 1785 հա տարածք, 552 քմ ճանապարհ, 1625 շինութիւն, այդ շարքին՝ ընկերային նշանակութեան 30 կառոյց, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 25 361 պայթիւնավտանգ առարկայ: