Լիբանանի մէջ՝ Արցախի ժողովուրդի զօրակցութեան բազմամարդ հաւաք

2022-12-21
Image

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿին, ՀՅԴ-ին եւ ՌԱԿին, Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբերին, երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող հաւաքը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Կալի Աւագեան, որ նաեւ ներկայացուց յայտագիրը: Այնուհետեւ առցանց խօսք առին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան: Ապա սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց «Երգ Յիշատակի» երգը:

Օրուան պատգամը երեք կուսակցութիւններուն կողմէ ուղղեց Զաքար Քէշիշեան, իսկ Անի Եփրեմեան ասմունքեց «Արցախ» քերթուածը: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: