Լիլիթ Մակունցը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին հետ քննարկած է Բերձորի միջանցքին հարցը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցը փետրուար 6-ին հանդիպում մը ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի՝ Կովկասեան բանակցութեանց հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոյի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Բերձորի միջանցքէն ներս տիրող իրավիճակը, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։