ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ Իրանի մօտեցումները հանգամանալից կ'ուսումնասիրուին. Զոհրապ Մնացականեան

29 Հոկտեմբերին ՀՀ ԱԳ նախարար Զորհապ Մնացականեանն ընդունած է աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած Իրանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Ապպաս Արաքճին:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ստեղծուած իրավիճակի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ: Երկուստեք անհանգստութիւն արտայայտուած է դէպի տարածաշրջան Մերձաւոր Արեւելքէն միջազգային ահաբեկիչներու տեղափոխման առնչութեամբ, դիտարկելով այդ որպէս լուրջ սպառնալիք ողջ տարածաշրջանի համար:
ԱԳ նախարար Մնացականեանն ընդգծած է, որ Հայաստանը կը հասկնայ Իրանի զգայունութիւնները տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր սպառնալիքներու առնչութեամբ եւ կարեւորած է Իրանի դերը տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման գործին մէջ:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արաքճին ներկայացուցած է իր երկրի մօտեցումները ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման եւ կրակի դադարեցման ռեժիմի հաստատման ուղղութեամբ: Այս ծիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարարը նշած է, որ ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ Իրանի մօտեցումները հանգամանալից կ'ուսումնասիրուին:
Իր հերթին ՀՀ ԱԳ նախարարը զրուցակցին տեղեկացուցած է 30 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ հանդիպելու եւ այդ ձեւաչափով աշխատանքները շարունակելու մասին: