Լուսադէմին թշնամին «Սմերչ» կայանքէն կրակ բացած է Մարտունի եւ Շուշի քաղաքներու ուղղութեամբ

ԱՀ ԱԻՊԾ-էն կը յայտնեն, որ 2 նոյեմբերի լոյս 3-ի գիշերն ընդհանուր առմամբ խաղաղ բնակավայրերուն մէջ պահպանուած է յարաբերական հանգիստ։
Սակայն, լուսադէմին թշնամին վերսկսած է գործողութիւնները եւ «Սմերչ» կայանքէն կրակ բացած է Մարտունի եւ Շուշի քաղաքներու ուղղութեամբ։ Տուժածներ չկան։
Միւս բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է։