Լուսադէմին Մարտակերտը՝ յարակից գիւղերով, դարձեալ յայտնուած է թշնամիի նշանակէտին

Ատրպէյճանը կը շարունակէ թիրախաւորել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, կը հաղորդէ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։
Հոկտեմբեր 20-ի լոյս 21-ի գիշերը բոլոր բնակավայրերուն մէջ հրադադարը համեմատաբար պահպանուած է, իսկ լուսադէմին Մարտակերտը՝ յարակից գիւղերով, դարձեալ յայտնուած է թշնամիի նշանակէտին:
Երէկ ալ նոյն ուղղութեամբ կիրառած էր օդուժ, ռմբակոծած քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:
Ատրպէյճանական զինուժը կոպտօրէն կը խախտէ ոչ միայն հաստատուած մարդասիրական հրադադարը, այլեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կը կիրառէ արգիլուած զինատեսակներ: