Լուրը, թէ ատրպէյճանցիները արցախցիներուն զանգով կ'առաջարկեն վաճառել բնակարանը, չի համապատասխաներ իրականութեան․ ԱՀ ԱԱԾ

Արձագանգելով ընկերային ցանցերու հայկական տիրոյթին եւ մամուլի մէջ տարածուած տեղեկատուութեան, ըստ որու «Ատրպէյճիներու կողմէ արցախցիներուն հեռախօսազանգեր կ'ուղղուին, որով վերջիններիս կ'առաջարկեն վաճառել իրենց բնակարանները», Արցախի ԱԱԾ-ն կ'իրազեկէ, որ այդ լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։
«Յորդորում ենք զերծ մնալ բնակչութեան անվտանգութեանը վերաբերող թեմաներով ապատեղեկատուութիւն տարածելուց։
Կոչ ենք անում նման բնոյթի զանգեր ստանալու դէպքում անյապաղ դիմել ԱՀ ԱԱԾ»,- ըսուած է ԱՀ ԱԱԾ տարածած հաղորդագրութեան մէջ։