Խախտելով հրադադարը՝ ատրպէյճանական կողմը կրակ վարած է Արցախի հիւսիսարեւելեան մարտական դիրքերու ուղղութեամբ

2020-10-26
Image

Կոպտօրէն խախտելով ԱՄՆ-ի մէջ ձեռք բերուած մարդասիրական հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնը, ատրպէյճանական կողմը ժամը 8:45-ի սահմաններուն հրետանային կրակ վարած է Արցախի հիւսիսարեւելեան մարտական դիրքերու ուղղութեամբ:

Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

Յիշեցնենք, ըստ Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան, երէկ յայտնի դարձաւ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հրադադարի ռեժիմը ուժի մէջ պիտի մտնէ 26 հոկտեմբերին՝ ժամը 08:00-էն։ Այս մասին ըսուած էր ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համատեղ յայտարարութեան մէջ։