Խնածախ գիւղի մօտ ՈւԱԶ–ը գլորուած է ձորը, պայմանագրային զինծառայողներ մահացած են. ՊՆ

2023-02-20
Image

Փետրուար 19-ին` ժամը 19:40-ի սահմաններուն, Խնածախ գիւղի մօտակայքը ձնահիւսի պատճառով Պաշտպանութեան նախարարութեան մեքենան (Ուազ տիպի կառք) գլորուած է ձորը, որու հետեւանքով մահացած են պայմանագրային զինծառայողներ Զօրանդ Հրանդի Արզումանեանը եւ Զօրակ Սամուէլի Երանոսեանը:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ 2 զինծառայողներ տարբեր վնասուածքներով տեղափոխուած են կայազօրային հիւանդանոց. վնասուածքներ ստացած զինծառայողներու վիճակը կը գնահատուի բաւարար, կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Մեքենայի անձնակազմը, եղանակային չափազանց վատ պայմաններուն մէջ փորձելով ստորաբաժանման միւս զինծառայողներուն օգնութեան հասնիլ, խնդիրը կատարելու համար ցուցաբերած է անձնուրացութիւն:

«Ցաւօք սրտի, դժբախտ պատահարի հետեւանքով վերոյիշեալ զինծառայողները մահացել են:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն յայտնում դժբախտ պատահարի հետեւանքով մահացած զինծառայողների ընտանիքների անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: