Խնդիր դրած ենք 2023-ին ապահովել առնուազն 7 տոկոս տնտեսական աճ․ Նիկոլ Փաշինեան

2023-03-30
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` Հայաստանի մէջ տնտեսական աճի միտումներու եւ զարգացման ծրագիրներու վերաբերեալ:

Թեմայի առնչութեամբ վարչապետը, մասնաւորապէս, նշած է. «Նախորդ օրը Վիճակագրութեան Կոմիտէի հրապարակած տուեալների համաձայն` Հայաստանը շարունակում է գտնուել տնտեսական բարձր աշխուժութեան իրավիճակում: Մենք խնդիր ենք առաջադրել նաեւ 2023թ. ապահովել առնուազն 7 տոկոս տնտեսական  աճ: Առաջարկում եմ քննարկել տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշի հետ կապուած որոշ նրբութիւններ եւ ի մի բերել մեր յառաջիկայ անելիքները` տնտեսական աշխուժութեան վերաբերեալ մեր նպատակադրումները երաշխաւորելու իմաստով»:

Պատասխանատուները անդրադարձած են 2023 թուականի Յունուար-Փետրուարի մաքրոտնտեսական հիմնական ցուցանիշերուն վերաբերեալ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն: Ըստ այդմ` արձանագրուած է տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշի 10.9 տոկոս աճ: Շինարարութեան ծաւալը աճած է 13.2, ծառայութիւններունը` 23.5, ներքին առեւտրաշրջանառութեանը` 18, արտաքինը` 77.7 տոկոսով: Նուազած է սպառողական գնաճի ցուցանիշը` կազմելով 8.1 տոկոս: Նշուած է, որ կը շարունակուի դրամագլուխի եւ աշխատուժի ներհոսքը դէպի Հայաստան:

Քննարկուած են տնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուող առաջանցիկ աճի աշխուժութեան պահպանման ուղղութեամբ ընելիքները: Անդրադարձ եղած է արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, քաղաքաշինութեան, ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի, արհեստագիտութիւններու եւ միւս բնագաւառներուն մէջ ներդրումային նախագիծերու եւ զարգացման ծրագիրներուն, բարեփոխումներու օրակարգին, հարկապիւտճէտային եւ դրամավարկային քաղաքականութեան, միջազգային տնտեսական միտումներուն եւ այլն:

Ամփոփելով` վարչապետը կարեւորած է տնտեսական շարունակական աճի ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը եւ յանձնարարած է ուշադրութեան կեդրոնին պահել կառավարութեան նպատակադրումներուն կեանքի կոչումը: