Խորհրդարանը ընդունեց ՀՀ կառավարութեան ծրագիրը

Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընդունած է ՀՀ կառավարութեան 2021-2026 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը:
Քուէարկութենէն առաջ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը յայտնած է, որ կառավարութեան ծրագիրը կ'ընդունուի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ծրագրին կողմ քուէարկած է 70 պատգամաւոր: Դէմ եւ ձեռնպահ քուէարկողներ չեղան:
Աւելի վաղ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը յայտնած էր, որ խմբակցութիւնը քուէարկութեան պիտի չմասնակցի: