Խումբ մը արցախցիներ դէպի ռուս խաղաղապահներու անցակէտ ուղղուած են

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ մեկնարկած է Արցախի բնակիչներու բողոքի ցոյցը՝ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող ճանապարհը անյապաղ բանալու պահանջով:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, բողոքի ցոյցը նախաձեռնողներէն մէկը, «Վաղուայ Արցախ» կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Պետրոսեանը յայտնած է, որ նախ բողոքի ցոյցի մասնակիցները երթով պիտի շարժին Ստեփանակերտի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան պատերազմներուն զոհուած զինծառայողներու յիշատակին, այնուհետեւ՝ Ստեփանակերտ-Շուշի տանող ճանապարհին տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի անցակէտ՝ անոնցմէ պահանջելու հեռացնել ատրպէյճանցիները Լաչինի միջանցքէն:
«Ինչու նրանց հետ, որովհետեւ ունենք նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւն, որտեղ կողմերի վրայ յստակ պարտականութիւններ են դրուած, եւ այսօր պարզ երեւում է, որ երկու կողմն էլ չեն կատարում կամ չեն կարողանում կատարել իրենց պարտաւորութիւնները: Ատրպէյճանը խախտում է յայտարարութեան 6-րդ դրոյթը, Ռուսաստանն էլ ստանձնել է պարտաւորութիւն՝ երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքի անվտանգութիւնը, որը չի ապահովում կամ չի կարողանում ապահովել»,- ըսած է Պետրոսեան: