Կայացած է Փաշինեան-Ասատ հեռախօսազրոյց

2023-02-08
Image

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։

Փաշինեան իր եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ցաւակցութիւն յայտնեց բարեկամ Սուրիոյ նախագահին եւ ժողովուրդին`6 Փետրուարին պատահած երկրաշարժներու շղթային պատճառած մեծաթիւ զոհերուն եւ աւերներուն համար:  Փաշինեան շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն եւ նշեց, որ Հայաստան կը պատրաստուի աջակցիլ Սուրիոյ՝ զօրավիգ կանգնելով երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան ծանր կենսական պայմանները թեթեւցնելու եւ աղէտին հետեւանքները վերացնելու ուղղութեամբ:

Նախագահ Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակցութեան համար եւ նշեց, որ իրենց համար այս պահուն առաջնային հարցը վերաբերի ուտելիքին:

Ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն, ըստ որուն, Հայաստան՝ իբրեւ առաջնահերթութիւն Սուրիա պիտի ուղարկէ ուտելիք, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի օգնութիւն:

Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուելիք օժանդակութեան համար եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ արագ յաղթահարել երկրաշարժին ծանր հետեւանքները: