Կայացաւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ

2022-12-20
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ հրաւիրուած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որու օրակարգին Արցախի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնն էր: Այս մասին յայտնած են ԱՀ նախագահի աշխատակազմէն։

Քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ ժողովուրդի կենսապահովման  համար ձեռնարկուող քայլերը, մարդասիրական աղէտի կանխման հնարաւորութիւնները:

Նախագահ Յարութիւնեանը քննարկուած հարցերու վերաբերեալ շարք մը յանձնարարականներ տուած է: