Կասեցուած է հակառակորդի ԱԹՍ-ի՝ ՀՀ օդային տարածք մտնելու փորձը

4 Օգոստոսին, ժամը 11։00-ի սահմաններուն, հայ-ատրպեճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ արձանագրուած է հակառակորդի ԱԹՍ-ի՝ ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձ։ ՀՀ ԶՈՒ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու գործողութիւններու շնորհիւ փորձը կասեցուած է։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: