Կէսգիշերէն ետք թշնամական ներթափանցող խումբը փորձած է յաջողութեան հասնիլ Շուշիի ուղղութեամբ, բայց ետ շպրտուած է. ՊԲ

Գիշերուայ ընթացքին յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով: Թշնամին շարունակած է, բացի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն, հրթիռահրետանային կրակի տակ պահել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը: Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան տուժածներ:
Կէսգիշերէն ետք թշնամական ներթափանցող խումբը փորձած է յաջողութեան հասնիլ Շուշիի ուղղութեամբ, սակայն, հանդիպելով բանակային ստորաբաժանումներու եւ կամաւորականներու կազմակերպուած դիմադրութեան եւ կրելով մեծաթիւ կորուստներ, ետ շպրտուած է:
Ներկայ պահուն յայտնաբերուած թշնամական խումբի շրջափակման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին:
Մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի ամբողջ երկայնքով կը վերահսկեն ՊԲ ստորաբաժանումները: