Կոչ կ’ուղղենք բոլոր գերիները վերադարձնելու. ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի յայտարարութիւնը պատերազմի աւարտին մէկամեակին առնչութեամբ

2021-11-10
Image

Միացեալ Նահանգները կոչ ըրած է վերադարձնել 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով բոլոր գերեվարուած անձերը: Այս մասին կը նշուի 44-օրեայ պատերազմի աւարտի տարելիցին կապակցութեամբ Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսի յայտարարութեան մէջ։

«Այս շաբաթ Միացեալ Նահանգները եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին է Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 44-օրեայ կռիւներուն վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան առաջին տարին։ Մեր խոր վշտակցութիւնը կը յայտնենք նախորդ տարուայ ռազմական գործողութիւններու հետևանքով բոլոր զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն։ Կոչ կ'ընենք վերադարձնելու բոլոր մնացած ռազմագերիները, յստակացնելու բոլոր անհետ կորսուած անձերը, ապահովելու տեղահանուածներուն կամաւոր վերադարձը իրենց տուներ, հակամարտութեան հետեւանքով տուժած տարածքներու համապարփակ մարդասիրական ականազերծում իրականացնել եւ ապահովել միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու հասանելիութիւնը անոնց, որոնք անոր կարիքը ունին։ Մենք նաեւ կոչ կ'ընենք հետաքննութիւն իրականացնելու մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական իրաւունքի ենթադրեալ խախտումներու առնչութեամբ։

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ՝ խթանելու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգ, կայուն, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագան։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով փոխտեղակալ էրիքա Օլսընը ներկայիս տարածաշրջանին մէջ է՝ քննարկելու երկկողմ հարցերը բոլոր երեք երկիրներուն հետ եւ ուսումնասիրելու տարածաշրջանային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Կոչ կ'ընենք Հայաստանին ու Ատրպէյճանին շարունակելու աշխուժացնել իրենց ներգրաւուածութիւնը ընդ որում նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ծիրին մէջ, գտնելու համապարփակ լուծումներ բոլոր կարեւոր խնդիրներուն, որոնք կապուած են կամ կը բխին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն», կ'ըսուի Պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ։