Հազարաւորներու առջեւ հանդէս գալով Փաշինեան տագնապէն ելքի ճանապարհներու մասին խօսեցաւ

2021-03-02
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1 Մարտին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած տասնեակ հազարաւորներու ներկայութեան հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանի օրհներգով եւ Արցախեան 2-րդ պատերազմի ու Մարտ 1-ի զոհերու յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով: Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթը սկսաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները նշելով։

5

Հայաստանի մէջ 2021 թուականի Մարտ 1-ը կը դիմաւորեն այնպիսի իրավիճակի մէջ, երբ առկայ են ղարաբաղեան 2-րդ պատերազմի ծանր հետեւանքները, հազարաւոր զոհերու փաստը, անհետ կորածներու հարցը, բազմաթիւ  գերիներու հանգամանքը, բռնութեան քարոզը, զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու գործընթացը, ընդգծեց Վարչապետը, նշելով, որ այդ ամէնը երկիրն ու ժողովուրդը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ:

Իր արտասանած ուղերձին մէջ Փաշինեան խօսեցաւ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ զօրավար Օննիկ Գասպարեանը իր պաշտօնէն զրկելու եւ անոր յառաջացուցած խնդիրներու մասին, մտահոգութիւն յայտնելով, որ նախկին իշխանութիւնները այսօր կը փորձեն բանակը հանել ժողովուրդին ու ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութեան եւ կառավարութեան դէմ: «Այն Գլխաւոր շտաբի պետը, որ անում է քաղաքական յայտարարութիւններ, պէտք է հեռանայ, ընդ որում, այդ յայտարարութիւնն անում է Սերժ Սարգսեանի եւ նախորդ իշխանութիւնների` Հանրապետականների դրդմամբ, ովքեր ուզում են 2008 թուականի նման ժողովրդական կամքը խեղդել թանկերի թրթուրների տակ, ՀՀ-ն նման Գլխաւոր շտաբի պետ չի կարող ունենալ:

Այս հանգամանքն ամենեւին Զինուած ուժերում վրէժների հիմք չպէտք է տայ, փառք Աստուծոյ, այս պահի դրութեամբ, Զինուած ուժերը եւ Օննիկ Գասպարեանը կարմիր գծեր չեն հատել, եւ ես ուզում եմ համոզմունք յայտնել, որ չեն էլ հատի, բայց անխուսափելիօրէն, կրկնում եմ` Օննիկ Գասպարեանը պէտք է հեռանայ Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնից: Բայց ուզում եմ ասել նաեւ, որ Զինուած ուժերում, այո, վրէժներ չեն լինելու, որովհետեւ կապ չունի` ով է ստորագրել այդ թուղթը, ով չի ստորագրել, որոշումն այդ թուղթը սեղանին դնելու եւ այդ ստորագրութիւնների գործընթացը սկսելու կայացրել է Օննիկ Գասպարեանը Սերժ Սարգսեանի դրդմամբ, ես չեմ ուզում ասել հրամանով»:

5

Երկրի ղեկավարը նաեւ հրապարակայնօրէն խոստացաւ երթալ արտահերթ ընտրութիւններու առաջնահերթ խորհրդարանական խմբակցութիւններու համաձայնութեան պարագային, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին:

Փաշինեան արձանագրեց, որ 2015 թուականին ընդունուած Սահմանադրութիւնը, որ ամբողջութեամբ ուժի մէջ մտած է 2018 թուականին, այս ընթացքին ի ցոյց դրած է բազմաթիւ թերութիւններ: 

«Եւ մենք այսօր էլ տեսնում ենք, որ այդ Սահմանադրութիւնը, ցաւօք, բազմաթիւ ճգնաժամային ռիսքեր է ստեղծում: Կարծում եմ ժամանակն է արձանագրել, որ մենք պիտի աշխատենք, որ այս տարուայ հոկտեմբերին համաժողովրդական հանրաքուէով ընդունենք նոր Սահմանադրութիւն կամ սահմանադրական փոփոխութիւններ, եւ ի վերջոյ կիսանախագահական կառավարման համակարգի անցնելը հնարաւոր տարբերակներից մէկը պէտք է լինի:  Եւ այդ գործընթացը մենք պէտք է իրականացնենք Ազգային ժողովի, կառավարութեան, ՀՀ նախագահի, քաղաքական ուժերի եւ քաղաքացիական հանրութեան հետ սերտ համագործակցութեան պայմաններում»,- նշած է Փաշինեանը:

Ան աւելցուցած է, որ կան յօդուածներ Սահմանադրութեան մէջ,որոնց փոփոխումը չենթադրեր համաժողովրդական հանրաքուէ եւ այդ կարելի է փոխել ԱԺ-ի մէջ քուէարկութեան միջոցով: «Առաջիկայ մէկ ամսուայ ընթացքում մենք պէտք է նոյն ֆորմաթներով՝ կառավարութիւն, Ազգային ժողով,  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, քաղաքական ուժեր, աշխատենք լաւարկելու համար այն յօդուածները, որոնք լաւարկելու հնարաւորութիւն կայ ԱԺ-ում խորհրդակցութիւնների եւ քուէարկութեան արդիւնքում: Սա մի աշխատանք է, որ պիտի անենք»,- ըսած է ան:

5

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, որ պատրաստ են երթալ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, եթէ առաջարկը ընդունուի խորհրդարանական ուժերու կողմէ: Ան աւելցուց, որ ընտրութիւններ կատարելու պատրաստակամութիւնը մէկ նպատակ ունի. «Ինչքան էլ մենք մասնակցենք կարգախօսներով, ճառերով, խոստումներով, մենք այդ ընտրութիւններում մեր յաղթանակը չենք փնտռելու, մենք այդ ընտրութիւններում փնտռելու ենք ձեր յաղթանակը, որովհետեւ դուք պէտք է յաղթէք»,- ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան կարեւոր նուաճումներէն մէկը համարեց ժողովուրդի կողմէ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրաւունքը: Ան նշեց, որ այն բոլոր ճգնաժամերը, որոնք առկայ են, պէտք է լուծուին ոչ թէ ժողովուրդի սահմանադրական իշխանութեան հաշուոյն, այլ հակառակը՝ ժողովուրդի իշխանութեան վերահաստատմամբ:

«Իշխանութիւն ձեւաւորելու ժողովուրդի իրաւունքը ոչնչով չպէտք է վտանգուի, այլ ընդհակառակը պէտք է ուժեղանայ: Այսինքն՝ ՀՀ-ում միայն ժողովուրդը պէտք է որոշի ով լինի իշխանութիւն եւ ով չլինի: Մեր ընթացիկ ճգնաժամի առանցքը հենց սա է, ժողովրդի իշխանութիւնն իր ձեռքից ուզում են խլել եւ մենք Հրապարակում հաւաքուել ենք ասելու, որ դա թոյլ չենք տալու»,-ըսաւ Վարչապետը:

5

ՀՀ վարչապետը հանրահաւաքի ընթացքին Ղարաբաղեան 2-րդ պատերազմի զոհերու մասին խօսելու ընթացքին յուզուեցաւ:

«Կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ հայութիւնը, կեցցէ՛ մեր բանակը, մեր հերոսական բանակը, մեր հերոսական սպաները, եւ մեր զոհերը, նրանց հարազատները, նրանց մայրերը, նրանց հայրերը, նրանց կանայք եւ երեխաները, խոնարհւում եմ բոլորիդ առաջ եւ եթէ կարող էք, ներեցէք մեզ մեր բոլոր սխալները»,- յայտարարեց վարչապետը՝ կոչ ընելով բոլորին միացնել հեռախօսներու լոյսերը, յարգել զոհերու յիշատակը:

5

Հանրապետութեան Հրապարակի հանրահաւաքը աւարտեցաւ երթով:  Նիկոլ Փաշինեան գլխաւորութեամբ երթը գալեց  Մաշտոցի պողոտայ, Կորիւնի փողոց, Աբովեան փողոց երթուղիով:

5

Աւարտին, Վարչապետը՝ երթի մասնակիցներուն հետ միասին ծաղիկներ խոնարհած է Ալ. Միասնիկեանի արձանի մօտ եւ յարգանքի տուրք մատուցած է զոհերու յիշատակին: