Հակամարտութեան գօտի ճիհատիստներու տեղափոխումը կը բացայայտէ հակամարտութեան միջկրօնական բնոյթ հաղորդելու նպատակը. ԱԳՆ

Հայաստանը կը շարունակէ հետեւողական քայլեր ձեռնարկել միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղութեամբ՝ համագործակցելով բոլոր շահագրգիռ գործընկերներուն հետ։ Այս առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններու համար ներգրաւուած օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու` Արցախի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ գերեվարման փաստին։
«1 Նոյեմբերին, մարտական գործողութիւններու ընթացքին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ գերեվարուած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններու համար ներգրաւուած օտարերկրեայ զինեալ երկրորդ ահաբեկիչը, որ ներկայացած է իբրեւ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի Ճիսր ալ-Շուղուր շրջանի Զիյատիա գիւղի բնակիչ Եուսուֆ Ալաապըտ ալ Հաճի: Նշենք, որ 30 Հոկտեմբերին Արցախի ՊԲ գերեվարած էր այլ զինեալ ահաբեկիչ մը եւս, որ ներկայացած էր իբրեւ Մըհրապ Մուհամմատ Ալ Շխայր՝ Սուրիոյ Համա քաղաքէն։
Հայկական կողմը բազմիցս բարձրաձայնած է Թուրքիոյ կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր «թէժ կէտերէ», մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ` իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն եւ Լիպիայէն Արցախի ժողովուրդին դէմ վայրագութիւններ իրականացնելու նպատակով օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու եւ ճիհատիստներու հաւաքագրման, տարածաշրջան տեղափոխման եւ տեղակայման մասին: Վերոնշեալ փաստը ներկայիս ոչ միայն հաստատուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու, մեր բազմաթիւ գործընկերներու եւ միջազգային հանրութեան կողմէ, այլեւ արդէն իսկ ահաբեկիչներու ուղղակի վկայութիւններով:
Իրենց վկայություններուն մէջ վերոնշեալ ահաբեկիչները մանրամասն տեղեկատւութիւն փոխանցած են իրենց հաւաքագրման գործընթացին, «կեաւուր» (անհաւատներու) դէմ պայքարի համար ակնկալուելիք ամսական վճարներուն եւ իւրաքանչիւր «անհաւատի» գլուխ կտրելու համար «պարգեւավճարներու», ինչպէս նաեւ իրենց կողմէ իրականացուելիք ահաբեկչական ծրագրերուն մասին: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի ճիհատիստներու տեղափոխումը կը բացայայտէ հակամարտութեան միջկրօնական բնոյթ հաղորդելու թուրք-ատրպէյճանական ղեկավարութեան նպատակը:
Ասիկա ահաբեկչութեան տարածման լիովին նոր դրսեւորում է, երբ ԵԱՀԿ տարածքին վրայ գտնուող հակամարտութեան գօտիին վրայ կը տեղակայուին Մերձաւոր Արեւելքէն օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներ եւ ճիհատիստներ, որ լուրջ սպառնալիք է միջազգային եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար:
Հայաստանը պիտի շարունակէ հետեւողական քայլեր ձեռնարկել միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ՝ համագործակցելով բոլոր շահագրգիռ գործընկերներուն հետ»,- նշուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ: