Հակառակորդը, այո, մօտեցած է Սիւնիքի դարպասներուն, բայց իրավիճակը ծայրայեղ չէ․ Արծրուն Յովհաննիսեան

Այո, իմ յարգելի ժողովուրդ, հակառակորդը որոշ տեղերու մէջ ունեցաւ յաջողութիւն, այո, անոնք մօտեցած են Սիւնիքի դարպասներուն, բայց իրավիճակը ծայրայեղ չէ։ Ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։
«Ես կը հաւատամ հայ զինուորի բազուկին, ես կը հաւատամ հայ զինուորի խելքին, հմտութեան, տոկունութեան, հայ զինուորը այսօր ալ, երէկ ալ, նոյնիսկ եթէ ինչ որ տեղ նահանջած է, շատ տեղերու մէջ ալ փախուստի մատնած է աշխարհի առաջատար բանակներու յատուկ ջոկատայինները, եւ սա կը կրկնուի գրեթէ ամէն օր։ Յաճախ մենք, այո, կը նահանջենք, կը նահանջենք, որովհետեւ մարդոց կեանքն աւելի թանկ է, նոր բնագիծեր կը զբաղցնենք, բայց այդ ճակատագրական չէ, վիճակը ծանր է, մարտերը՝ դաժան, պատերազմը՝ սաստիկ, բայց անելանելի չէ»,-ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեանը։
ՊՆ ներկայացուցիչը նաեւ տեղեկացուցած է, որ հակառակորդը այսօր հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ լայնածաւալ յարձակում ձեռնարկած է՝ միաժամանակ հրետակոծելով եւ ռմբակոծելով Արցախի քաղաքները։ «Ողջ օրուայ ընթացքին այդ հրոսակախումբերը չեն յաջողած ճեղքել ռազմաճակատը, տուեալ բնագիծը, չնայած որոշ տեղերու մէջ թուացեալ յաջողութիւն ունեցած են, բայց մեր ստորաբաժանումները յաջողած են հակագրոհով ետ վերցնել եւ վերականգնել առաջնագիծը։ Նոյն ժամանակ նախապէս նշուած Հադրութէն հիւսիս գտնուող գիւղերու անտառներու հատուածին մէջ շարունակուած են ներթափանցող խումբերու փնտռման եւ ջախջախման գործողութիւնները, որոշ խումբեր, նոյնիսկ թողելով մեքենաները, փախած են, բայց քանի մը գիւղերու մէջ մարտերը կը շարունակուին։ Շեխեր, Ճիւանիկ, Ազոխ եւ յարակից այլ գիւղերու մէջ որոնողական եւ ջախջախման գործընթացները կը շարունակուին»։
Յովհաննիսեանը նկատեց նաեւ, որ այսօր հայ զօրավարը կանգնած է զինուորի կողքին։ «Շատ յաճախ հայ զօրավարը զէնքը ձեռքը կը կռուի, հայ զօրավարը հակաթանկային միջոցը ձեռքը թանկ կը խոցէ, կանգնած է զինուորի կողքին, կանգնած է կամաւորականի կողքին, եւ ես վստահ եմ, որ մենք պիտի յաղթենք։ Մենք այսպիսի օրեր շատ տեսած ենք մեր պատմութեան ընթացքին, շատ կանգնած ենք նման ճակատագրական պահի առաջ, բայց ես վստահ եմ, որ մենք պիտի յաղթենք, որովհետեւ այլընտրանք չունինք, սա մեր գոյութեան կռիւն է»։