Հակառակորդը հրթիռակոծած է Մարտունի քաղաքը, Քաշաթաղի շրջանի 4 համայնքներ

Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ 18 հոկտեմբերի լոյս 19-ի գիշերը մղուած մարտերուն զուգահեռ, Ատրպէյճանը հերթական անգամ խախտած է հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնը, կրակ բացած է Արցախի խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ, թիրախաւորած է քաղաքացիական կառոյցներ։
Մասնաւորապէս, հրթիռակոծուած են Մարտունի քաղաքը, Քաշաթաղի շրջանի Ուռեկան, Իշխանաձոր, Այգեհովիտ եւ Վուրգաւան համայնքները։
Տուժածներու ու վնասներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին։