Հակառակորդը ներթափանցման փորձեր կ'իրականացնէ Ասկերանի վերին ենթաշրջաններուն մէջ

Հանրապետութեան մէջ այս պահուն իրավիճակը կայուն լարուած է: Հակառակորդի թիրախի տակ են կրկին Ասկերանի վերին ենթաշրջանները` Աւետարանոց, Մադաթաշէն, Սղնախ ու Մոշխմհատ գիւղերը: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի սպայ Յունան Թադեւոսեանը՝ ամփոփելով Արցախի բնակավայրերուն մէջ տիրող իրավիճակը։
«Իրավիճակը այս պահին Հանրապետութեան մէջ կայուն լարուած է: Լարուածութիւնը կը պահպանուի Ասկերանի վերին ենթաշրջաններուն մէջ` Աւետարանոց, Մադաթաշէն, Սղնախ ու Մոշխմհատ գիւղերուն մէջ, պայմանաւորուած է հակառակորդի հետախուզական ներթափանցման փորձերու հետ, ինչպէս նաեւ կ'աշխատին մեր եւ հակառակորդի հրետանային ստորաբաժանումները»,- նշած է Թադեւոսեանը:
Ինչ կը վերաբերի Մարտակերտի եւ Մարտունիի հատուածներուն, Թադեւոսեանը յայտնած է, որ այնտեղ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է:
«Մարտունիի մէջ ցերեկային ժամերուն օդային տագնապ յայտարարուած էր` երկինքին մէջ նկատուած էր անօդաչու թռչող սարք»,- ըսած է Թադեւոսեանը:
Արցախի ԱԻՊԾ-ի ներկայացուցիչի խօսքով` մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ օրուայ ընթացքին իրավիճակը նոյնպէս հանգիստ եղած է: