Հակառակորդի կրակոցէն զինծառայող վիրաւորուած է

2023-02-14
Image

14 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:05ի շուրջ, Նորաբակի ուղղութեամբ, ըստ նախնական տուեալներու, հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուոր Դ. Պ.ը:

Զինուորին վիճակը միջին ծանրութեան է. անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Դէպքին հանգամանքները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: