Հայաստանը այսօր կը նշէ Սահմանադրութեան օրը

2021-07-05
Image

Հայաստանը այսօր կը նշէ Սահմանադրութեան օրը:

Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Հայաստանի իրաւական համակարգի հիմքն է՝ երկրի հիմնական օրէնքը, որուն պէտք է համապատասխանեն միւս բոլոր օրէնքներն ու իրաւական աքթերը։ Սահմանադրութիւնը նաեւ արժէքաբանական-գաղափարական փաստաթուղթ է, որ կը սահմանէ հասարակութեան կազմակերպման հիմնական սկզբունքները, որոնց գործնական կիրառման եւ ամրապնդման պէտք է ձգտի պետութիւնը։

1991 թ. Հայաստանի անկախութեան վերականգնմամբ անխուսափելի դարձաւ նոր՝ ազգային Սահմանադրութեան ընդունումը։ Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ 1995 թ. 5 Յուլիսին համաժողովրդական հանրաքուէով։ Այն ընդունումէն ետք 5 Յուլիսը դարձաւ պետական տօն՝ Սահմանադրութեան օր։

Սահմանադրութիւնը ամրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան բնոյթը՝ որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական եւ ընկերային պետութիւն, հռչակեց մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, սահմանեց հանրապետութեան կառավարման ձեւը՝ հիմնուած օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքի վրայ։ Սահմանադրութեամբ ձեւաւորուեցաւ կիսանախագահական կառավարման ձեւը՝ պետութեան գլխուն՝ Հանրապետութեան նախագահին վերապահուած լայն լիազօրութիւններով։

Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, որ ընդունուած է 5 Յհուլիս 1995-ին Հայաստանի հանրաքուէով, երկու անգամ ենթարկուած է սահմանադրական փոփոխութիւններու, որոնցմէ առաջինը կատարուած է Սահմանադրութեան ընդունումէն մէկ տասնամեակ անց՝  27 Նոյեմբեր 2005-ի հանրաքուէով, իսկ երկրորդը՝ վերջինը, կատարուած է Սահմանադրութեան ընդունումէն երկու տասնամեակ անց՝ 6 Դեկտեմբեր 2015-ի հանրաքուէով։ Ներկայիս գործող Սահմանադրութիւնը բաղկացած է նախաբանէ եւ տասնվեց գլուխներէ:

6 Փետրուար 2020-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը կայացուց «Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէ դնելու մասին» որոշումը։ Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն պէտք է տեղի ունենար 5 Ապրիլ 2020-ին, սակայն երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը հիմք ընդունելով, ՀՀ Սահմանադրութեան 208-րդ յօդուածի համաձայն, ըստ որու՝ ռազմական կամ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ հանրաքուէ չի կայանար, Ազգային ժողովը որոշում կայացուց ուժը կորսնցուցած ճանչնալ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն։