Հայաստանը աւելի շատ աջակցութիւն ստացաւ ԱՄՆ-էն, քան Ռուսիայէն. Արմէն Գրիգորեան

2022-10-04
Image

Ատրպէյճանի հետ մահացու բախումներէն ետք Հայաստանը աւելի շատ աջակցութիւն «գտաւ» Միացեալ Նահանգներու, քան թէ իր դաշնակից Ռուսիոյ կողմէ: Ինչպես հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ ամերիկեան «Ֆոքս Նիւզ» լրատուական հեռուստաալիքն այսպէս բնութագրած է վերջին իրադարձութիւններէն ետք Հայաստանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ ներկայացնելով Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ իր հարցազրոյցը, որ եղած է հայ պաշտօնեայի՝ Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին:

Ըստ Fox News-ի՝ հայ պաշտօնեաները «անհանգստացած են», որ Ռուսիան կը շարունակէ զէնք մատակարարել Հայաստանի հակառակորդին` Ատրպէյճանին:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ նախորդ շաբաթ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ, ներառեալ` ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականին, Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ, «Fox News»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ Ռուսիոյ կողմէ զէնքի մատակարարումը Ատրպէյճանին «նոր բան չէ», այդ «երկար պատմութիւն է», որուն մասին Հայաստանը բարձրաձայնած է Մոսկուայի առջեւ:

«Դա հրապարակային տեղեկութիւն է: Այո՛, դա ճիշդ է: Եւ դա շատ է անհանգստացնում մեզ: Դա նոր բան չէ», ըսած է Արմէն Գրիգորեանը Ատրպէյճանին ռուսական զէնքի մատակարարումներուն մասին:

Հարցազրոյցի ընթացքին Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը խօսած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Սեպտեմբեր 13-14-ին իրականացուած ռազմական յարձակման մասին` ընդգծելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ եւ դատապարտէ ուժի կիրառումը Ատրպէյճանի կողմէ: