Հայաստանը ժամանակակից զէնք գնելով կը փորձէ յետաձգել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը․ Ճէյհուն Շատլինսքի

2022-11-25
Image

Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան (ՊԱԾ) պետի առաջին տեղակալ, զօարավար-լեյտենանտ Ճէյհուն Շատլինսքին Պաքուի մէջ ընթացող համաժողովին հարկ համարած է յատուկ ուշադրութիւն յատկացնել Հայաստանի «ռեւանշիստական ուժերուն, սպառազինութիւններու գնումներուն եւ «սադրանքներուն»։

Նշենք, որ Շատլինսքիի յայտարարութիւնները այն գծի շարունակութիւնն են, որ տուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ վարկաբեկել ռուս խաղաղապահները եւ «տեղեկատուական հող» նախապատրաստել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նոր յարձակման համար։

«Հայաստանի ռեւանշիստական ուժերը ամբողջ ուժով կը փորձեն խանգարել երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը»,- ըսած է պետական անվտանգութեան ծառայութեան պետի տեղակալը։ Ինչպէս նշած է Շատլինսքին, «կը մտահոգէ այն փաստը, որ Հայաստանը միջոցներ կը տրամադրէ սպառազինութիւններու եւ բանակաշինութեան համար՝ գերազանցելով իր ֆինանսական հնարաւորութիւնները, կը փորձէ գնել արդիական սպառազինութիւն եւ ռազմական տեխնիկա տարբեր երկիրներէ, բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը ձգտի յետաձգել խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը»։ Անոր խօսքով՝ «յատուկ ուշադրութեան արժանի են Ատրպէյճանի տարածքով, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, ռազմական տեխնիկայի ուղարկման եւ այնտեղ տարբեր սադրիչ գործողութիւններ իրականացնելու պայմաններու ստեղծման հարցերը»։