Հայաստանը Լաչինի ճանապարհը կը չարաշահէ․ Պայրամովն ու Տոնֆրիտը հեռախօսազրոյց ունեցած են

2023-02-16
Image

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 15 Փետրուարին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Քերըն Տանֆրիտի հետ:

Ինչպէս կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան, կողմերը քննարկած են Հարաւային Կովկասի իրավիճակը եւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցային գործընթացի հեռանկարները: 

Պայրամով նշած է, որ, «ըստ եռակողմ յայտարարութեան` Ատրպէյճան կ՛երաշխաւորէ ապահովել քաղաքացիներու, փոխադրային հաղորդակցութեան միջոցներու եւ բեռերու ապահովութիւնը Լաչինի ճամբով», սակայն, ըստ անոր, Հայաստան կը չարաշահէ Լաչինի ճանապարհը՝ այն օգտագործելով անօրինական տնտեսական գործունէութեան, հայ զինուորականներու տեղափոխման, ականներու տեղափոխման համար։

Բացի այդ, Պայրամով նշած է, որ արդէն առաւել քան երկու ամիսէ ի վեր  շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը Հայաստանին կապող միակ` Լաչինի միջանցքը փակած «ցուցարարներուն պահանջները տակաւին չեն բաւարարուած»:

Ան անհիմն նկատեց տարածաշրջանին մէջ «լարուած մարդասիրական» իրավիճակի մասին պնդումները։ Նախարարը նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագրի բանակցային գործընթացին մէջ ձեռնավարութեան կը դիմէ»։