Հայաստանը կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հարցը. Փաշինեան

2020-09-30
Image

Հայաստանը կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւնը: ԹԱՍՍ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ռուսական քանի մը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի գործողութիւնները ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման:

«Այո, մեր օրակարգին մէջ կայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցը: Նաեւ կը դիտարկենք Ղարաբաղի հետ ռազմաքաղաքական դաշինք ձեւաւորելու հնարաւորութիւնը»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

ՀՀ վարչապետի խօսքով, Հայաստանը կ'ապահովէ իր անվտանգութիւնը ՀԱՊԿ-ի մասնակցութեամբ կամ առանց անոր: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանը մշտապէս կապի մէջ է ՀԱՊԿ-ի իր գործընկերներուն հետ:

Փաշինեանը նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանը պատրաստ է Երեւանի մէջ ընդունելու 9 հոկտեմբերին կայանալիք ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստը:

«Ինթըրֆաքսի» համապատասխան հարցին պատասխանելով՝ Փաշինեանն ըսած է, որ Հայաստանը չի քննարկեր ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտի միջազգային խաղապահներ մտցնելու հնարաւորութիւնը։