Հայաստանը Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցած է 4 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագաններ

2022-04-08
Image

Ապրիլ 7-ին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութէան դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ` Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան 9-րդ մարդասիրական խումբը Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցած է 4 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագաններ, կը յայտեն Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն:

Առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները իրենց երախտիքը յայտնած են հայ բժիշկներուն ցուցաբերած բժշկական ամէնօրեայ աջակցութեան համար:

Ընդհանուր առմամբ, առաքելութեան առաջին օրուընէ մինչեւ օրս Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցուած է 24 թոն դեղորայք: