Հայաստանը ներառուեցաւ Եւրոպական Միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին

2021-07-01
Image

Հայաստան ներառուեցաւ Եւրոպական միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ SchengenVisaInfo.com-ը:

«Յաւելեալ 11 երկիրներու բնակիչներ պիտի օգտուին Եւրոպական Միութիւն եւ Շէնկենեան գօտիի անդամ պետութիւններ առանց սահմանափակումներու մուտքէն: Եւրոպական Միութեան խորհուրդը այս  երկիրները կ՛աւելցնէ  համաճարակին դիմաց անվտանգ երրորդ երկիրներու ցանկին վրայ:

Որոշումը տրուեցաւ 30 Յունիսին, Եւրոպական Միութեան դեսպաններու հերթական հանդիպման ընթացքին։

Այս կը նշանակէ, որ հայաստանաբնակները կրնան առանց որեւէ խոչընդոտի մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն եւ շէնկենեան անդամ երկիրները: