Հայաստանը նոր խորհրդարան կ'ընտրէ. մեկնարկած է քուէարկութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժամը 08:00-էն մեկնարկած է արտահերթ խորհդարանական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը. ընտրատեղամասերը պիտի փակուին 20։00-ին: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ընտրութիւններուն կը մասնակցի 25 քաղաքական ուժ՝ 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք:
Կուսակցութիւններն ու կուսակցութիւններու դաշինքները՝ ըստ քուէաթերթիկի համարներու հերթականութեն.
- «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն
- «Հայ Ազգային Քոնկրէս» կուսակցութիւն
- «Քաղացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն
- «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն
- «Ազատութիւն» կուսակցութիւն
- «Պատիւ ունեմ» դաշինք
- «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութիւն
- «Համահայկական ազգային պետականութիւն» (ՀԱՊ) կուսակցութիւն
- «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն
- «Մեր տունը Հայաստանն է» կուսակցութիւն
- «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն
- «Հայոց Հայրենիք» կուսակցութիւն
- «Ազատ Հայրենիք» դաշինք
- «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն
- Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն
- «5165 ազգային պահպանողական շարժում» կուսակցութիւն
- «Քաղաքացու որոշում սոցիալ դեմոկրատական» կուսակցութիւն
- «Շիրինեան- Պապաճանեան ժողովրդավարներու դաշինք» դաշինք
- «Ազգային օրակարգ» կուսակցութիւն
- «Վերելք» կուսակցութիւն
- «Ազատական» կուսակցութիւն
- «Հայաստանի Եւրոպական» կուսակցութիւն
- «Հայաստան» դաշինք
- «Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ» կուսակցութիւն
- «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութիւն
Ոստիկանութեան հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու ռեգիստրում ընդգրկուած ընտրողներու ընդհանուր թիւը 2 մլն 578 հազար 678 է։ Ընտրողներն ընտրատեղամասին մէջ պիտի ստանան մասնակցող քաղաքական ուժերու թիւին համապատասխան քուէաթերթիկներ, պիտի ընտրեն անոնցմէ միայն մէկը, դնեն ծրարի մէջ ու նետեն քուէատուփ: Ընտրողները քուէաթերթիկի վրայ գրիչով որեւէ նշում պիտի չկատարեն։
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ելեկտրոնային եղանակով քուէարկութիւնը մեկնարկած էր 11 Յունիսին, աւարտած 13 Յունիսին:
Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու լուսաբանման համար հաւատարմագրուած են օտարերկրեայ 50 եւ տեղական 68 լրատուամիջոցներ: Դիտորդական առաքելութիւն կ'իրականացնեն միջազգային 8 եւ տեղական 19 կազմակերպութիւններ։
Հանրապետութեան ողջ տարածքին մէջ 38 ընտրատարածքներու մէջ կը գործէ 2008 տեղամաս։