Հայաստանը պատրաստ է օգնել. Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցութիւններ յայտնած է թրքական Քահրամանմարաշ նահանգին մէջ 6 փետրուարի վաղ առաւօտեան 7.4 աստիճան հզօրութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զոհերու ընտանիքներուն:
«Վշտացած եմ Թուրքիայում եւ Սիրիայում աւերիչ երկրաշարժի առնչութեամբ, որն այդքան շատ մարդկային կեանքեր է խլել: Մեր խորին ցաւակցութիւնները զոհերի ընտանիքներին, իսկ վիրաւորներին մաղթում ենք շուտափոյթ ապաքինում: Հայաստանը պատրաստ է օգնութիւն տրամադրել», այս մասին վարչապետ Փաշինեան գրած է թուիթըրեան իր էջով: