Հայաստանի ԱԽ քարտուղարի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնականի հանդիպում՝ Պրիւքսէլի մէջ

Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թուիթըր»ի վրայ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումին:
«Ուրախ եմ, որ կրցայ հիւրընկալել Հիքմեթ Հաճիեւը եւ Արմէն Գրիգորեանը Պրիւքսէլի մէջ՝ այս ձեւաչափով արդէն երկրորդ հանդիպումը», յայտնեց Քլաար: